2014-07-01 13:15:17

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Հոլլանտացի երիտասարդներուն` ''Եղէք յեղափոխականներ նման Յիսուսի երանելիութիւններուն''։


Հոլլանտայի Nieuwkuijk քաղաքի ''Մարիէնքրուն'' կոչուած վանքին մէջ, վերջերս, տեղի ունեցաւ Հոլլանտայի Կաթողիկէ երիտասարդներու ազգային փառատօնը, որուն առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն ուղղած է պատգամ մը, որուն մէջ հաստատած է թէ ՝՝Ապրիլ առանց հաւատքի, առանց ճառանգութիւն մը պաշտպանելու, առանց պայքարելու վասն Ճշմարտութեան, ասիկա ապրիլ չէ այլ միջակ ապրելակերպ է''։

Նորին Սրբութիւնը փոխ առնելով երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթիի խօսքերը ըսաւ ՝՝Եղէք յեղափոխականներ նման Յիսուսի երանելիութիւններուն՝՝։ Ան ապա վերյիշեց7 թէ ''երանելիութիններու պատգամը'', որ ուղեգիծն է նաեւ` Քրաքովիայի Երիտասարդութեան համաշխարհային համահաւաքին, ''Նոր, վճիտ եւ խիտ'' պատգամ մըն է որ կ՛առաջարկէ ''երջանկութեան տիպար մը, որ հակառակ է աշխարհի տրամաբանութեան''։
Անոնք զոր Յիսուս երանելի կը կոչէ – դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - աշխարհը զանոնք կը նկատէ ''յաղթահարուած եւ անօգուտ'', որովհետեւ աշխարհը ամէն գնով կը փառաբանէ հարստութիւնն ու իշխանութիւնը։ Մինչ Յիսուս մեզի կը ներկայացնէ ''Երանելիին'' տարբեր բացատրութիւն մը որ կը ցուցաբերէ ''կեանքի ուղին եւ ճշմարիտ երջանկութիւնը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը, վերակոչելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի խօսքը ՝՝Մի վախնաք Քրիստոսէն` Ան բանէ մը չի զրկեր զձեզ այլ ամէն ինչ կը պարգեւէ'',
քաջալերեց երիտասարդները լրջութեամբ ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը. Մերժել վաղանցուկ եւ մակերեսային մշակոյթը, որ զանոնք չի զօրացներ եւ անկարող կը դարձնէ՝ դիմագրաւելու կեանքի մեծ մարտահրաւէրները։







All the contents on this site are copyrighted ©.